2015-10-20 11:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Աստուած առատաձեռնութեամբ շնորհքներ կը զեղէ մարդոց վրայ''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուած միշտ առատաձեռնութեամբ շնորհքներ կը զեղէ մարդոց վրայ որոնք սակայն սովորութիւն ունին իրողութիւնները չափելու։ Աստուածային սիրոյ  առատութիւնը հասկնալը միշտ եղած է շնորհքի պտուղ''։ Այս է ահա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Առատ` Աստուծոյ սէրը մարդուն հանդէպ կարելի է որակել այսպէս։ Մեծահոգութիւն մը որ կը խուսափի մարդուն ուշադրութենէն որ շատ անգամ ''փոքրիկ ու յետին'' բաներու վրայ կեդրոնացած է։  

''Փրկագործութիւնը բարեկամութիւն մըն է մեր ու Անոր (Աստուծոյ) միջեւ'' կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը ''Այնտեղ ուր մեղքը բազմացաւ շնորհքը առատութեամբ զեղուց'' ու ընդգծելով թէ այս է Աստուծոյ սէրը, անսահման։ ամբողջական''։

Անհուն` աւետարանական առակի այդ հօր դէպի հորիզոնները ուղղուած հայեացքի նման, ուր ամէն օր կը սպասէր իր զաւկին վերադարձը։ Աստուծոյ Սիրտը փակ սիրտ մը չէ` այլ միշտ բաց է ու երբ մենք անոր դիմենք, այդ զաւկին նման, մեզ կ՛ողջագուրէ ու կը համբուրէ։

Աստուած միշտ սպասումի մէջ է որ մենք ապաշխարենք։ Ան կու գայ մեզմէ ամէն մէկը փնտռելու,  կորսուած ոչխարին նման։ Եւ երկնքի մէջ աւելի ուրախութիւն կը տիրէ երբ մեղաւոր մը դարձի գայ քան քհարիւր արդարներու համար։ Բայց եւ այնպէս դժուար է, որ մեր մարդկային սահմանափակ կարողութիւններով կարենանք ըմբռնել ու հասկնալ Աստուծոյ անհուն սէրը. Այդ կարելի է միայն շնորհքի միջոցաւ։

Մենք ունինք սովորութիւնը իրողութիւնները չափելու մեր չափանիշներով որոնք փոքր են։ Ասոր համար հարմար է որ հայցենք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը. Աղօթենք Անոր` որպէսզի շնորհքը պարգեւէ հասկնալու այդ սէրը եւ իղձը ունենալու ողջագուրուելու, համբուրուելու եւ անսահման օրէն սիրուելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.